2013-01-06 10:25:14

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս -Պատրիարք` Ներսէս Պետրոս ԺԹ-ի Աստուածայայտնութեան Տօնին Առթիւ Արտասանած Քարոզը։



Տօն Աստուածայայտնութեան Տ.Մ.Յ.ի Ք.ի – Ս. Փրկիչ եկեղեցի
Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,


Այսօր մեծագոյն տօներէն մին կը կատարենք, որ է Աստուածայայտնութեան Տօնը: Աստուածայայտնութիւն կը նշանակէ որ Աստուած մարդոց կը յայտնուի զանազան միջոցներով: Նախ՝ Յիսուս յայտնուեցաւ համեստ մարդոց՝ հովիւներուն, որպէս մանուկ պառկած մսուրի մը մէջ եւ շրջապատուած Ս. Կոյս Մարիամէն, Ս. Յովսէփէն եւ ախորի անասուններէն: Շատ համեստ եւ խոնարհ տեսարան: Յիսուս ծնաւ մսուրի մը մէջ, մեզի անմոռանալի դաս մը ձգելու համար խոնարհութեան մէջ:
Յիսուսին առաջին երեւումը եղաւ պարզ գիւղացիներուն, որոնք կը ներկայացնեն հրեայ ժողովուրդը, որուն համար Աստուած նախ եւ առաջ ուզեց յայտնուիլ:
Երկրորդ յայտնութիւնը եղաւ մոգերուն: Մոգերը ուսեալ մարդիկ էին, որոնք միշտ ճշմարտութիւնը փնտռելու ետեւէն էին: Արդ, Յիսուսն է ճշմարտութիւնը եւ Սուրբ Գիրքը կ'ըսէ. ով որ Աստուած կը փնտռէ, Աստուած անոր կը յայտնուի: Այսպէս ալ, Աստուած մոգերուն յայտնուեցաւ իրենց ղրկելով աստղ մը, որպէսզի զիրենք առաջնորդէ դէպի Յիսուսին ծննդավայրը:
Իրենց երեւցած աստղէն, մոգերը հասկցան որ կարեւոր անձնաւորութիւն մը պիտի ծնի: Ասոր համար, իրեն նուէրներ պատրաստեցին՝ ոսկի, խունկ եւ զմուռս: Այս 3 նուէրներուն ամէն մէկը իմաստ մ'ունի Յիսուսի անձին ու Անոր առաքելութեան մասին:
Ոսկին կը վերաբերի թագաւորներուն: Ուստի, Յիսուս իսկական թագաւոր մըն է: Խունկը կը վայելէ Աստուծոյ: Ուստի, Յիսուս Աստուած է: Իսկ զմուռս կը խորհրդանշէ Յիսուսի չարչարանքները: Ուստի, Յիսուս ահռելի չարչարանքներ պիտի կրէ, մեզ ազատելու համար մեր մեղանչական վիճակէն, երկինք տանելու եւ յաւիտենական երջանկութիւնը վայելելու համար:
Եթէ հովիւները կը ներկայացնեն հրեայ ժողովուրդը, մոգերը կը ներկայացնեն հեթանոս ազգերը, որոնցմէ մին հայ ազգն է, որուն Յիսուս երեւցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի քարոզութեամբ եւ անբասիր կեանքով:
Երրորդ երեւումը տեղի ունեցաւ Յիսուսի մկրտութեան ատեն, Յորդանան գետին մէջ, երբ Սուրբ Հոգին Յիսուսի գլխուն վրայ իջաւ աղաւնիի կերպարանքով եւ երկինքէն ձայն մը լսուեցաւ որ կ'ըսէր. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ» (Մտթ. 3,17): Այս աստուածային յայտնութիւնը տեղի ունեցաւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն եւ բոլոր ժամանակներուն համար:
Հոս չլմնցան Յիսուսին յայտնութիւնները: Արդարեւ, Յիսուս յայտնուեցաւ Կանայի հարսանիքին ատեն, երբ ջուրը գինիի փոխեց հարսանիքի ներկաներուն առջեւ, եւ այսպէս «յայտնեց իր փառքը եւ իր աշակերտները հաւատացին իրեն» (Յովհ. 2,11):
Վերոյիշեալ յայտնութիւններէն ետք, արդեօք Յիսուս տակաւին կը յայտնո՞ւի մարդոց: Անշո'ւշտ թէ կը յայտնուի: Յիսուս փառաւոր կերպով յայտնուեցաւ հայ ժողովուրդին Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի քարոզութիւններով եւ հրաշքներով:
Յիսուս յայտնուեցաւ Հայ ժողովուրդին Ս. Մեսրոպին միջոցաւ, այբուբենի ստեղծագործութեամբ եւ Սուրբ Գիրքի հայ լեզուի թարգմանութեամբ:
Յիսուս յայտնուեցաւ Վարդանանց ճակատամարտին օրով, երբ Քրիստոսի կրօնքը յաղթեց կրապաշտ կրօնքին եւ Հայաստան քրիստոնեայ երկիր մնաց, տալով 1036 վկաներ:
Յիսուս հայ ժողովուրդին յայտնուեցաւ նաեւ տասնմէկերորդ եւ տասներկուերրորդ դարերուն, երբ յարուցանեց մեր ժողովուրդին մէջէն բացառիկ դէմքեր՝ նման Ս. Գրիգոր Նարեկացիի, Ս. Ներսէս Շնորհալիի եւ Ս. Ներսէս Լամբրոնացիի, որոնք հերքեցին հերետիկոսութիւններն ու սխալ վարդապետութիւնները, եւ իրենց քրիչով մեծապէս արժեւորեցին լուսաւորչեան ջինջ հաւատքը:
Իսկ Յիսուսի ամէնէն պանծալի յայտնութիւնը տեղի ունեցաւ 1915-ի ցեղասպանութեան սարսափելի օրերուն, երբ մէկ ու կէս միլիոն հայեր իրենց հաւատքով յաղթեցին դահիճի սուրին, որ կ'ուզէր արմատէն բնաջնջել հայ ժողովուրդը: Եւ ահաւասիկ, Աստուծոյ շնորհքով, մեր նահատակները կարողացան իրենց հաստատ հաւատքով վկայել Յիսուսի կրօնքին, եւ ահ'ա այսօր մենք կանք եւ մեր սուրբ հաւատքը կը փոխանցենք նորահաս մեր սերունդներուն ամենուրեք:
Յիսուս մեզմէ ամէն մէկուն կը յայտնուի, երբ մեզի լոյս եւ ոյժ կու տայ Սուրբ Աւետարանի խօսքին հետեւելու, ճշմարտութիւնը փնտռելու եւ զայն պաշտպանելու, չարին դիմադրելու եւ աստուածահաճոյ գործեր կատարելու:
Յիսուս մեզի կը յայտնուի պարզ բայց սրբակեաց անձերու միջոցով, երբ անոնք իրենց ցաւերը համբերութեամբ կը կրեն: Յիսուս մեզի կը յայտնուի պարկեշտ պաշտօնեաներու օրինակով, երբ անոնք իրենց համեստ վիճակը ուրախութեամբ կ'ընդունին: Եւ ընդհանրապէս, Յիսուս մեզի կը յայտնուի ամէն բարիք գործող անձերու միջոցով, ինչպէս նաեւ երբ մարդիկ ուրիշներուն ծանր յանցանքները սիրով կը ներեն:
Յիսուս այս եւ այլ պարզ միջոցներով մեզի կը յայտնուի, ինչպէս ժամանակին յայտնուեցաւ հովիւներուն՝ աստուածային ձայնով եւ մոգերուն՝ լուսաւոր աստղով:
Կարեւորը՝ որ Յիսուսի յայտնութիւնը մեր կեանքին մէջ ապարդիւն չմնայ: Կարեւորը՝ որ մեր հաւատքը ապրինք մեր վարուելակերպով եւ ոչ միայն խօսքերով:
Կարեւորը՝ որ Յիսուսին հետեւինք եւ ուրիշները Անոր առաջնորդենք, որպէսզի անոնք ալ լոյսի եւ ճշմարտութեան ճամբան գտնեն:
Կարեւորը՝ որ Ս. Գիրքը կարդանք, քարոզներուն մտիկ ընենք եւ բարեգործութիւններ կատարենք:
Այն ժամանակ, մեզի օգտակար եւ արդիւնաւոր պիտի դառնան Յիսուսի յայտնութիւնները, եւ ուրիշներուն պատճառ պիտի ըլլանք, որ անոնք ալ ճանչնան Ամենաբարին Յիսուսը եւ անով վայելեն կեանքի ուրախութիւնը եւ սրտի խաղաղութիւնը:
Այն ժամանակ միայն, իսկապէս ապրած պիտի ըլլանք Հաւատքի Տարին. ամէն:
Յիսուս ծնաւ եւ յայտնեցաւ – Օրհնեալ է յայտնութիւն Յիսուսի








All the contents on this site are copyrighted ©.